Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հատրութի մէջ խորհրդակցական հաւաք՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրաւէրով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Օգոստոսին այցելած է Հատրութի շրջան: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Տող գիւղի մօտակայքը՝ երկրի ղեկավարը խորհրդակցութեան հրաւիրած է Հատրութի շրջվարչակազմի եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ` նուիրուած 2016 թուականի հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ընթացքին:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ այս տարի շրջանին մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու համախառն բերքի ծաւալը կը գերազանցէ վերջին 8 տարուան ցուցանիշները:

Նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ տուած է քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ առկայ են բաւարար պայմաններ հետեւողականօրէն բարձրացնելու ե՛ւ համախառն բերքի, ե՛ւ բերքատուութեան ցուցանիշները:

Նոյն օրը նախագահը այցելած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայրենիք» երիտասարդական ճամբար, հանդիպած երիտասարդներու հետ եւ ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած տարբեր թեմաներու շուրջ: Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման ճամբարներու նշանակութիւնը երիտասարդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենիքը ճանչնալու տեսանկիւններէն:

Նախագահին ուղեկցած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ