Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճէյմս Ուորլիք լաւատես է

Չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ ստեղծուած դրական պահը:Դիւանագէտը շեշտած է, թէ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրները հաւատարիմ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակման:Ուորլիք նաեւ յայտնած է, որ համանախագահները այժմ կ՛ուսումնասիրեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպման կազմակերպման հնարաւորութիւնը։«Ներկայ դրութեամբ, չկան տարածաշրջան այցելելու յստակ ծրագիրներ, սակայն մենք միշտ շփումներու մէջ ենք կողմերուն հետ՝ կապուած նախագահներու յաջորդ հանդիպման նախապատրաստման հետ», ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ