Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Գրաւել Էրտողանի գումարները». Կ’առջարկէ թուրք արմատներով գերման երեսփոխանը

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինագիծին աջակցութիւն յայտնած Գերմանիոյ ընդդիմադիր «Ձախերու կուսակցութեան» ծագումով թուրք պատգամաւոր Սէւիմ Տաղտելէնը խօսած է Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ կատարուող ձերբակալութիւններու  մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Vandahaber» լրատուակայքը, նշելով, որ Տաղտելէն, անդրադառնալով 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին, հանդէս է եկած է կոչով մը, ուր կ’ըսուի. «Էրտողանի բռնի եւ հրեշաւոր քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ զանգուածային ձերբակալութիւններու դէմ պէտք է անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառենք»:

Պատգամաւորը գերմանական «Neuen Osnabrücker Zeitung» պարբերականի հետ զրոյցին նաեւ շեշտած է, որ անհրաժեշտ է Էրտողանի դրամատնային հաշիւներու արգելափակման վերաբերեալ պահանջ ներկայացնել, թէեւ անկէ Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ միջեւ առկայ լարուածութիւնը աւելի կը սրուի:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ