Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Արսինէ Խանճեան քննարկումներու պիտի ձեռնարկէ

Գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան մտադիր է Սփիւռքի մէջ, սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ  քննարկումներ կազմակերպելու՝ 19-31 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ: 4 Օգոստոսին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին դերասանուհին նշած է, որ ականատես եղած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած քննարկումներուն ընդմէջէն պիտի փորձէ տեղեկացնել այդ խախտումներուն մասին: Ան դիտել տուած է, որ այդ ձեւով պիտի փորձէ պայքարիլ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք այս ժամանակաշրջանին եւ անկէ առաջ ու ետք բռնութեան ենթարկուած են ոստիկաններուն կամ իշխանութիւններուն կողմէ։

Անդրադառնալով 27 Յուլիսին Երեւանի Խանճեան փողոցէն զինք բերման ենթարկելուն՝ Արսինէ Խանճեան յայտնած է, որ բերման ենթարկելու պահուն ոչ ոք բացատրութիւն տուած է իրեն, թէ ի՛նչ պատճառով կ’առնուի այդ քայլը, ինչ որ մարդու իրաւուքններու կոպիտ խախտում է:

Ան դիտել տուած է, որ զինք բերման ենթարկելու երեւոյթին անդրադարձած են արտասահմանեան լրատուամիջոցները, որոնց միջոցով կարելի եղած է որոշ չափով անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ. «Երբ ինծի հետ հարցազրոյց կը կատարէին, կը հարցնէին՝ ժողովրդավարական երկիր չէ՞, ես չէի գիտեր այդ պահուն ինչ պատասխանեմ»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ