Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Բակօ Սահակեան այցելած է Մարտունիի շրջան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 4-ին այցելած է Մարտունիի շրջան եւ Կարմիր Շուկայ աւանին մէջ խորհրդակցութիւն հրաւիրած շրջվարչակազմի ու համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ` նուիրուած 2016 թուականի հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ընթացքին:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ այս տարի Մարտունիի շրջանին մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքատուութեան միջին ցուցանիշը ամենաբարձրն է հանրապետութեան մէջ, իսկ համախառն բերքի ծաւալով շրջանը կը գտնուի երկրորդ հորիզոնականի վրայ։

Երկրի ղեկավարը նշած է, որ արձանագրուած ցուցանիշները հիմք կը հանդիսանան՝ համապատասխան աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման պարագային՝ յետագայ տարիներուն եւս ապահովելու համախառն բերքի մեծ ծաւալներ:

Նախագահ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

Նախագահին ուղեկցած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ