Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային սիմփոզիումը պիտի մեկնարկուի Շուշիի մէջ

Շուշիի մէջ 10 Օգոստոսին պիտի մեկնարկուի «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային սիմփոզիումը: Այս մասին կը յայտնէ «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը` աւելցնելով, որ արդէն աւանդական դարձած Շուշիի մէջ իրականացուող քանդակագործութեան սիմփոզիումը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային ու մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման հարթակ է արուեստագէտներու համար:

Սիմփոզիումի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 Օգոստոսին` Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի պուրակին մէջ: Անոր պիտի մասնակցին տասնեակ քանդակագործներ` ԱՄՆ-էն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն, ՌԴ-էն, Հայաստանէն ու Արցախէն:

«Քանդակագործութեան սիմփոզիումը առիթ է գեղեցիկ արուեստի շուրջ համախմբելու մեր հին ու նոր բարեկամները, ստեղծելու արուեստի գործեր, որոնք Շուշիի մշակութային նոր կերպարի մաս կը կազմեն եւ կը յիշեցնեն գեղեցիկի ու հոգեւորի յաւէրժութեան մասին»,- ըսած է Լ. Գասպարեանը, նշելով, որ սիմփոզիումի կազմակերպիչներն են ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը եւ «Ապագայ սերունդների հիմնադրամ»-ը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ