Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահացած է ՌԱԿ անդամ Վարուժան Էքսէրճեան

Օրեր  առաջ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ճարտարապետ Վարուժան Ագրիպաս  Էքսէրճեան, որ ծնած էր 1923ին, Եգիպտոս։ Ան նախնական ուսումը ստացած էր Գահիրէի արուարձաններէն՝ Հելիոպոլիսի հայկական «Նուպարեան» եւ «Կէօզուպոյիքեան» վարժարաններուն մէջ, նաեւ մաս կազմած էր տեղւոյն ՀՄԸՄի պասքեթպոլի «Նուպար» խումբին։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն ան աշխատած էր Եգիպտոսի ամերիկեան ռազմական խարիսխին մէջ, իսկ անկէ ետք՝ Գահիրէի միջազգային օդակայանը։ Եգիպտոսի տարբեր շրջաններու մէջ անոր ճարտարապետութեամբ շինուած են շարք մը կառոյցներ, ներառեալ՝ Հելիոպոլիսի հայկական «Այծեմնիկ» տարեցներու տունը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արխիւներու շէնքը եւ մզկիթ մը։ Ան եղած է Եգիպտոսի Աղքատախնամ միութեան ատենապետ եւ կրցած է այդ կազմակերպութիւնը արձանագրել տալ ՄԱԿ-ի մօտ, ինչին շնորհիւ կարելի եղած է նաեւ ՄԱԿ-էն օժանդակութիւններ ստանալ։ Ան Հելիոպոլիսի մէջ ՌԱԿի գործօն անդամ էր։ Վարուժան հայրն էր արուեստագէտ Նորա Արմանիի եւ Վազգէնին։ 1986էն ի վեր ան Լոս Անճելըս հաստատուած էր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ