Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշ կրնայ բանտարկուիլ

Թուրքիոյ մէջ  գործող քրտամէտ  HDP կուսակցութեան ղեկավար Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշ կրնայ մինչեւ հինգ տարուան  բանտարկութեան պատիժի արժանանալ: Այս մասին կը փոխանցէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը  յայտնէ, թէ Թուրքիոյ վերաքննիչ դատական ատեանը   այսօր  խօսած է  Տէմիրթաշի   դէմ  արձակուելիք հաւանական դատավճիռի  մը  մասին, որուն հիմամբ քիւրտ  առաջնորդը կրնայ  հինգ տարուան  բանտարկութեան   պատիժ  կրել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Տէմիրթաշի դէմ ուղղուած մեղադրանքը կապ ունի  վերջինիս  2013-ին  թուականին  PKK-ի առաջնորդ  եւ ցկենաս բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանին նեցուկ կանգնելու վերաբերեալ հնչեցուցած  կոչերուն  հետ:Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ  PKK քրտական զինեալ  կազմակերպութիւնը կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: PKK-ի Հանդէպ նոյն մօտեցումը ունին՝ Միացեալ Նահանգներն  եւ Եւրոպական Միութիւնը:


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ