Կիրակի օր Հալէպի «Նոր գիւղ» շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան այսօր իր մահկանացուն կնքեց: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն: Նշենք, որ «Ալ Րազի» հիւանդանոց գտնուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի մէջ եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ: Ուղեղը ծանրօրէն վնասուած ըլլալով` Գույումճեան մտած էր մահաքունային վիճակի մը մէջ եւ բժիշկներու թելադրանքով անոր կցուած է թթուածին փոխանցող յատուկ սարք: Ան ամուսնացած էր եւ տէր հայր երկու զաւակներու: Նշենք, որ Գույումճեան երկար տարիներ, որպէս վարչական եւ փողերախումբի անդամ ծառայած է Հալէպի ՀՄՄ-ին: Հանգուցեալին թաղման եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին այսօր յետմիջօրէին՝ Հալէպի Սուրբ Ասուածածին եկեղեցւոյ մէջ: