Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Տինքի սպաննութեան գործով նոր ձերբակալութիւններ

Պոլսահայ նահատակ  խմբագիր Հրանդ  Տինքի  սպաննութեան գործի   շրջանակներուն մէջ դատարան ներկայացած ութ կասկածեալներէն հինգը ձերբակալուած, իսկ միւս երեքն ալ երկրէն դուրս չգալու պայմանով ազատ  արձակուած են: Պոլսոյ Հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ յանցախումբերու դէմ պայքարի բաժնի կողմէն իրականացուող հարցաքննութիւններու շրջանակին մէջ ձերբակալուած են Տրապիզոն քաղաքին Ժանդարմայի անվտանգութեան աշխատակիցներ Վոլքան Շահին, Շերէֆ Աթէշ, Օքան Շիմշէք, Հիւսէյն Յըլմազ եւ Կազի Կիւնայ: 

Դատախազութեան կարգադրութեամբ ձերբակալուած են նաեւ Տրապիզոնի նահանգային ժանդարմայի գնդապետ Ալի Էօզ, անվտանգութեան աշխատակիցներ Ատնան Աճար եւ Մուսա Եըլտըրըմ: Այսպիսով   Տինքի  սպաննութեան գործով ձերբակալուածներուն թիւը  կը հասնի 9-ի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ