Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախեան բանակի պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին հակառակորդի շարժումներուն

Բանակի հրամանատարութիւնը քաջատեղեակ է հակառակորդի ճամբարին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներէն, եւ կան բոլոր նախադրեալները ինչպէս այսօր, հետագային եւս պահպանելու վերահսկողութիւնը հակառակորդին հաւանական բոլոր քայլերուն նկատմամբ: Այս մասին յայտնած է բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան, 11 օգոստոսին, Հանրապետութեան մէջ գործող եւ հաւատարմագրուած զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման:

Բանակի հրամանատարը ներածական խօսքով լրագրողներուն ներկայացուցած է արձանագրուած հիմնական գործընթացներու ընդհանուր պատկերը` նշելով, որ պաշտպանութեան բանակը կատարած է իրեն առջեւ դրուած խնդիրները եւ կեանքի կոչած այն բոլոր ծրագրային ուղղութիւնները, որոնք նախանշուած էին 2016-ի պատրաստութեան ծրագիրով:

«Մեր յառաջիկայ ընելիքներուն առաջնահերթութիւնը պայմանաւորուած է ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու բազմակողմանի վերլուծութեան արդիւնքներով», ըսած է զօրավար Լեւոն Մնացականեան` մանրամասնելով, որ անվտանգութեան եւ մարտական մակարդակին, ստորաբաժանումներու մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ զօրքերու մարտավարական պատրաստականութեան աստիճանին շնորհիւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային, բացի պաշտպանութենէն, պիտի կատարուին նաեւ այլ մարտական գործողութիւններ:

«Արհեստագիտական միջոցներով համալրման շնորհիւ ներկայիս  կարողութիւն ունինք գիշերային պայմաններու մէջ հետախուզութիւն իրականացնել անհրաժեշտ խորութեան վրայ: Ձեռնարկուող քայլերուն զուգընթաց` կը շարունակուին բանակաշինութեան կատարելագործման աշխատանքները: Շուտով կը սկսի բանակային նոր ուսումնական տարին, որուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակի անձնակազմը, բացի պաշտպանութենէն, կը նախապատրաստուի այլ մարտական գործողութիւններ վարելուն: Այդ բոլորին հիմքը պիտի ըլլայ  անձնակազմի անվտանգութեան ապահովումը», շեշտած է պաշտպանութեան նախարար Լ. Մնացականեան` աւելցնելով, որ այդ առումով բանակին մէջ արդէն ստեղծուած են անվտանգութեան խորհուրդներ` փոխհրամանատարներու ընդգրկումով:

Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցած էր բանակային ուսումնական տարուան առաջին կիսամեակին, ապրիլեան զարգացումներուն արդիւնքները ամփոփելու, ինչպէս նաեւ գործունէութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ կարեւորագոյն ուղղութիւնները փոխանցելու առիթով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ