Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող ցամաքային հիմնական ճանապարհները

Անցնող 48 ժամերէն սկսեալ, վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող ցամաքային հիմնական ճանապարհները: «Արեւելք»ի հաղորդմամբ, սկսած է գործել  «Քասթէլլո» շրջանի  ճանապարհը, մինչ Դամասկոսը Հալէպի  կապող «Խանասէր» ճանապարհը, որ բաց էր սակայն ապահովական պատճառներով դարձած էր ամայի, սկսած է բնականոն հունի մէջ մտնել: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հալէպէն  ժամանակաւորապէս Լաթաքիա մեկնած հալէպահայեր մտադիր են յառաջիկայ օրերուն Հալէպ վերադառնալ: Ինչ կը վերաբերի զինուորական ընդհանուր իրավիճակին, ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ բանակը յաջողած վերադառնալ նախաձեռնողի իր դիրքերուն եւ հարուածել ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը: Կը հաղորդուի նաեւ, թէ ընդդիմադիր զինեալներու «Ալ Զահրա» շրջանին մէջ կատարած  գրոհը մատնուած է ձախողութեան եւ վերոնշեալ շրջանին մէջ ընդդիմադիրները կրած են մարդկային ծանր կորուստներ (ըստ կարգ մը  աղբիւրներու ընդդիմադիր 40 զինեալներ սպաննուած են այդ շրջանին մէջ): Ինչ կը վերաբերի Հալէպի  մէջ սնունդի եւ վառելանիւթի տագնապներուն, կարելի է ըսել, որ այդ տագնապները առաջուայ սրութիւնը  չունին եւ  քաղաքի բնակիչներ դիւրութեամբ ուտելիք եւ վառելանիւթ կրնան  ճարել:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ