Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած է Պրազիլի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան Շէնքի Հիմնարկեքի Արարողութեան

Աշխատանքային այցով Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութիւն մեկնած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան մայրաքաղաք Պրազիլի մէջ մասնակցած է Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շէնքի հիմնարկեքի արարողութեան:Հիմնարկէքի արարողութեան մասնակցել են նաեւ ՊԴՀ արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերան, Պրազիլի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ:ՀՀ դեսպանութեան յատկացուած տարածքը կը կազմէ 15.750 քառակուսի մեթր:Համաձայն Մայիս 10-ին Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Գալոյեանի եւ Սան Փաուլոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս, համայնքային ակնառու գործիչ եւ բարերար Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեանի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին` դեսպանութեան շէնքը կը կառուցուի Պուրմայեան ընտանիքի եւ մասնաւորապէս` բարերար Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեանի նուիրատւութեամբ: Դեսպանութեան շէնքի շինարարական աշխատանքները նախատեսուած է աւարտին հասցնել առաւելագոյնը 12 ամիսէն:Հիմնարկեքի արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու նախարարները:«Մեր բարեկամութիւնը սկսած է 1992 թուականէն եւ վերջերս շատ աւելի ամրապնդուած է, անշուշտ, նաեւ ձեր ներկայութեամբ այստեղ, պարոն նախագահ: Այն համաձայնութիւնները, որ ստորագրեցինք ալ աւելի պիտի ամրապնդեն մեր բարեկամութիւնը եւ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները: Վստահ եղէք, որ այս յարաբերութիւնները աւելի պիտի ամրապնդուին տնտեսական ներդրումներու եւ առողջապահական ոլորտներուն մէջ: Եւ այս արարողութիւնը, որ տեղի կ՝ունենայ դեսպանատան մէջ, պիտի ըլլայ հիմք մեր երկու երկիրներու միջեւ նոր եւ ապագայի բարգաւաճ ու խոստմնալից յարաբերութիւններու համար»,- իր ելոյթին մէջ ըսած է ՊԴՀ արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ժոզէ Սերան:Յետադարձ հայեացք նետելով համատեղ անցած ուղու վրայ, կարող ենք փաստել, որ Հայաստանի եւ Պրազիլիայի միջեւ տարբեր ոլորտներում ձեւաւորուել եւ ամրապնդուել են բազմաբնոյթ կապեր:Նախագահ Սարգսեանի այս այցը, վստահաբար, արգասաբեր հիմք է հանդիսանալու նոր խոստումնալից նախաձեռնութիւններով մեր ընդհանուր օրակարգի համալրման, հայ-բրազիլական յարաբերութիւնները որակապես նոր մակարդակի բարձրացնելու համար: Մենք ունենք բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի Հայաստանն ու Պրազիլիան բարեկամութեան, յարգանքի եւ վստահութեան հիմքի վրայ առաւել ամրապնդեն սերտ յարաբերութիւնները երկու պետութիւնների ու ժողովուրդների միջեւ: Սա է այն գլխաւոր ուղերձը, որը մենք այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ զետեղելու ենք նոր դեսպանատան հիմքում»,-իր ելոյթին մէջ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը:Հիմնարկէքի արարողութեան աւարտին ստորագրուած է համատեղ յուշաթերթ եւ պարկուճ դրուած կառուցուող դեսպանատան հիմքին մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ