Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ նշած ենւ Մուսա լերան հերոսամարտի օրը

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Կիլիկիոյ Վագըֆին մէջ Պոլսէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած հայերը մեծ շուքով նշած են Աստուածամօր վերափոխման տօնը։

Ինչպէս Կիլիկիոյ Վագըֆէն կը տեղեկացնէ NEWS.am-ի թղթակիցը, Մուսա լերան փեշերուն գտնուող հայաբնակ Վագըֆին մէջ Աստուածամօր վերափոխման տօնի նախորդ երեկոյէն հաւաքուած հայերը սկսած են միջոցառումները աւանդական երգ ու պարով։

Արդէն 14 օգոստոսին, Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Տէր Աւետիս Թապաշեանի առաջնորդութեամբ իրականացուած է պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է Խաղողօրհնէք։ Այնույետեւ  Տէր Աւետիս Թապաշեանը մօտեցած է արդէն պատրաստուած հարիսաներով մեծ կաթսաներուն եւ աղօթած խաղաղութեան համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ