Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղեան հարցին լուծման գծով մենք լաւատես ենք . Ճէմս Ուորլիք

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը կախուած Է կողմերու քաղաքական կամքէն: Այդ մասին, Օգոստոս 16-ին ՌԻԱ Նովոստիին յայտնած  է ԵԱՀԿ Մինսկի խէումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:

 

 Ուորլիք ըսած է, որ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած հանդիպումները «Նոր ազդակ հաղորդեցին հակամարտութեան լայն կարգաւորման բանակցային գործընթացին»:

 

«Կարեւորը այն է, որ նախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան խաղաղ լուծման իրենց յանձնառութիւնը`  սահմանագիծին վրայ յարաբերական կայունութեան պահպանումով։ Բացի այդ, աշխոյժօրէն քննարկուած են առաջարկներ, որոնք կրնան վերականգնել խաղաղութիւնը կողմերուն միջեւ»,- ըսած Է Ուորլիք:

 

«Մենք կը պահպանենք լաւատեսութիւնը եւ կը հաւատանք, որ այս տարի համանախագահները, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աջակցութեամբ, պիտի շարունակեն աշխատանքը հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ յառաջընթացի հասնելու ուղղութեամբ: Հակամարտութեան խաղաղ ու վերջնական կարգաւորումը կախուած է երկու կողմերուն քաղաքական կամքէն»,- ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ