Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Արամ Ա. Հայրապետ տեսակցած է Սթեֆան Տէ Միսթուրայի հետ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, երէկ երեկոյ  հանդիպում ունեցած է  Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տէ Միսթուրայի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան Տէ Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։ Հանդիպումը տեւած է աւելի քան ժամ մը, որու ընթացքին Տէ Միսթուրա ընդհանուր գծերով ներկայացուցած է  Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումները՝ թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է սուրիական տագնապին շուտափոյթ լուծում տալու հրամայականը, որ կարելի է իրագործել շրջանային ու միջազգային ուժերու գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն ընծայող աղբիւրները փակելով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ