Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի    գլխաւորած «Ժառանգութիւն»  կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն (ՏԻՄ):Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այնքան ատեն որ կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան, մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Սանասարեանը եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Յովսէփ Խուրշուդեան, շինծու մեղադրանքներով կը մնան կալանքի տակ, Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը, անտեսելով բոլոր վտանգները, մնայուն կերպով հաւատալով քաղաքական գործընթացին մէջ մասնակցութեան կարեւորութեան, որոշում տուած է չմասնակցիլ երկրի ամբողջ տարածքին տեղի ունեցող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն:«Մի կողմից, մեր ներկայացուցիչները օրինակելի քաղաքացիներ են՝ իրենց իրաւունքների իրականացմամբ եւ խաղաղ ժողովների մասնակցութեամբ, որոնք փաստօրէն պատ էին կազմել ոստիկանների եւ խաղաղ համաքաղաքացիների միջեւ, իսկ միւս կողմից, նրանց նկատմամբ ձերբակալութեան ժամանակ բռնութիւն եւ ճնշումներ են գործադրել ու այժմ մեր կուսակիցներին սպառնում է 4-10 տարի ազատազրկում: Ինչի՞ համար, կարող ենք հարցնել:Այստեղ չկայ ժողովրդավարութիւն, չկայ արդարութիւն, չկայ իրաւունքների ոչ մի գերակայութիւն: Եթէ բացարձակապէս ան-հրաժեշտ է «Ժառանգութիւն»ը, որը մշտապէս մասնակցել է քաղաքական գործընթացներին նոյնիսկ առաւել անարդար հանգամանքներում, կարող է ստիպուած սատարել ընտրական գործընթացներում ներգրաւուած այլ մասնակիցների, ովքեր դեռ պետութեան կողմից չեն ենթարկուել բռնութեան, հետեւաբար չեն համարւում խղճի բանտարկեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Մեր տասնամեայ պայքարը ցաւօք սրա համար չէր», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ