Յունաստանի նախագահ Փրոքոպիս Փաւլոբուլոս մասնակցած է ամէն տարի օգոստոսին Յունաստանի մէջ նշուող Սբ. Աստուածածնի տօնի կապակցութեամբ կազմակերպուած կրօնական արարողութիւններուն, որոնցմէ մէկուն ընթացքին ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական demokrathaber.org կայքը: Յունաստանի նախագահը, մասնաւորապէս, խստօրէն քննադատած է թրքական իշխանութիւններուն, որոնք այս տարի թոյլ չեն տուած Տրապիզոնի յունական Սումելա վանքի տօնին կապակցութեամբ պատարագ մատուցել: Նախագահ Փաւլոբուլոս անդրադարձած է նաեւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութըան՝ նշելով, որ 1914-1923 թուականներուն շուրջ 370.000 պոնտոսցի յոյն ցեղասպանութեան ենթարկուած են թրքական իշխանութիւններու կողմէ: 1994-ին Յունաստան պաշտօնապէս ճանչցած է Պոնտոսի յոյներու դէմ կատարուած գործողութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն եւ ամէն տարի 19 մայիսին կը նշէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը: Փաւլոբուլոս այս առնչութեամբ ըսած է. «Մինչեւ Թուրքիան պաշտօնապէս չճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ ցեղասպանութեան զոհերու թոռներէն ներողութիւն չխնդրէ, մեր ազգը պիտի շարունակէ իր պայքարը»: