ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, աւարտելով աշխատանքային այցը Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութիւն, մեկնած է կարճատեւ արձակուրդի, որու մէկ մասը պիտի անցընէ արտերկրի մէջ: Այս մասին «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: