Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններուն մէջ իսլամներու դէմ առկայ ատելութիւնը սկսած է գլուխ ցցել, տարբեր տեսակի ծանր ոճիրներու եւ սպաննութիւններու տեսքով:
Այս սպաննութիւններուն հերթական օրինակը կը համարուի, լիբանանեան արմատներով ամերիկացի ընտանիքի մէկ անդամին ՝ 37-ամեայ Խալէտ Ժըպարային պարագան, որ զոհ կ’երթար, իր հարեւան ՝ Ֆէրնոն Մէյճըրզի կրակոցներուն:
Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, թէ ոճիրը եղած է ԱՄՆ Օքլահոմա նահանգի Թուլսա քաղաքին մէջ:
Սպանուած Խալէտ Ժըպարայի քոյրը ՝ Վիքթորիա, իր դիմատետրի էջին գուժելով եղբօր սպաննութեան լուրը, գրած է է, որ Խալէտ դարձած է ԱՄՆ-ի մէջ արաբներու եւ իսլամութեան դէմ ծաւալող ատելութեան հերթական զոհ:
Վիքթորիա նաեւ նշած է, որ իր ընտանիքը նախապէս բողոքագիր ներկայացուցած էր ամերիկացի հարեւանին դէմ՝ ընտանիքի տարեց մօր միտումնաւոր կերպով ինքնաշարժով հարուծելուն եւ ամէն առիթի իրենց «աղտոտ արաբներ» կոչելուն վերաբերեալ:
Միջադէպի գիշերը, Խալէտ հեռաձայնած է ոստիկանատուն, տեղեկացնելով, որ Մաճորզ զէնք կը կրէ եւ սպառնալիքներ ուղղած է իրեն: Ոստիկանութեան բաժանմունքին համաձայն, անոնք փութացած են Մաճորզի տունը, սակայն չկարենալով ներս մտնել, թողած եւ ետ վերադարձած: Աւելի ուշ Մաճորզ երեւցած է իր դրացիներու տան շեմին եւ կրակած Ճպարայի վրայ ու տեղնուտեղը սպաննած է զինք:
Խալէտին մայրը CNN-ին պատմած է, որ դէպքը պատահած ժամանակ ան հեռախօսով իր որդիին հետ կը խօսէր, եւ աւելցուցած՝ «ոստիկանութիւնը նուազագոյնը պէտք է ստուգէր անոր անցեալը, գիտնալու համար որ վտանգաւոր մարդ է , եւ եթէ այդպէս վարուէին՝ տղուս կեանքը փրկած կ’ըլլային, հիմա իմ տղաս հեռացաւ ինձմէ… տղաս հեռացաւ»:
Դատարանը նոյնպէս փաստաթուղթեր ցոյց տուած է, որ մարդասպանը նախապէս բազմիցս (մի քանի անգամ) ձերբակալուած է, Ճպարայի ընտանիքին կողմէ, իր հասցէին եղած բողոքներու հիման վրայ,զանոնք սպաննելու եւ ստորացնելու յաճախակի սպառնալիքներուն պատճառով, որոնց հիմքը եղած է ատելութիւնը եւ իսլամոֆոպիան:
Ուաշինկթընի Ճորճ Թաուն համալսարանին կողմէ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւնը պարզած է, որ 2015-էն մինչեւ այս տարուան սկիզբը իսլամաֆոպիայի նոր ալիք մը բարձրացած է երկրին մէջ, այդ մէկը կապելով ԱՄՆ նախագահական թեկնածու հանրապետական Տոնալտ Թրամբի կատարած բաւական սուր եւ հակաիսլամ յայտարարութեանց հետ: