Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի Հայ օգնութեան միութեան վարժարանի երրորդ դասարանցիները նամակներ գրած են հայ զինուորներուն, որոնք Օգոստոս 20-ին «Ապառաժ»-ի միջոցով յանձնուած են հասցէատէրերուն:
Հեռաւոր Գանատայի մէջ ապրող, սակայն հայրենիքին քաջածանօթ եւ հայրենիքով ապրող պատանիները, հայերէնով գրուած նամակներուն միջոցով իրենց երախտիքը յայտնած են զինուորներուն՝ զայն պաշպանելու համար եւ մեծ ցանկութիւն յայտնած՝ ըլլալու անոնց կողքին, վստահաբար նշելով, որ արժանապատուօրէն պիտի շարունակեն իրենց գործը: