Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Անթիլիասի աթոռը քննարկումներ կը կայացնէ Սիսի Կաթողիկոսարանի մերժուած դատին շուրջ

Անթիլիաս քննարկումներ կը կայացնէ կապուած՝ Սիսի պատմական աթոռի  հողատարածքի վերադարձման համար բացուած եւ Թուրքիոյ կողմէ մերժուած  դատին: Այս մասին կը կարդանք Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողոկիսութեան կայքէջէն, ուր մասնաւորապէս   գրուած է. « Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը։ Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիայէն ներս կատարուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու միջեւ ստեղծուած նոր պայմանները ու անոնց հաւանական ազդեցութիւնը մեր դատին վրայ։ Խորհրդակցութիւնները նաեւ ընդգրկեցին յառաջիկային առնուելիք քայլերուն կարելիութիւնները։ Բնականաբար այս դատին գծով առնուած որեւէ մէկ քայլի կամ արդիւնքի մասին միշտ տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը»։


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ