Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վալէրի Փէրմիաքովի դէմ ցկեանս բանատրկութեան վճիռ

Կիւմրիի ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի N զօրամասին մէջ, Շիրակի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց 2015 Յունուար 12-ին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Փէրմիաքովի դատավճիռը:Ըստ Armenpress.am-ի՝ դատաւոր Յարութիւն Մովսիսեան հրապարակեց, որ դատարանը՝ համադրելով ձեռք բերուած ապացոյցները՝ անոնց համակցութեամբ հաստատուած կը համարէր, որ ան կատարած է իրեն յառաջադրուած մեղադրանքներով նախատեսուած արարքները:Դատարանը անոր դատապարտեց ցմաh ազատազրկման` համակցելով նաեւ 175-րդ յօդուածի 2-րդ մասին 3-րդ եւ 4-րդ կէտերով եւ 34-329-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած պատժաչափերը` համապատասխանաբար 12 տարի ազատազրկում:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ