Լուսանկարիչ Արվին Քոչարեանի գործերուն ցուցահանդէսը պիտի կայացուի Լոս Անճելոսի մէջ: Այս մասին տեղեկացանք ամերիկահայ գործիչ՝ Ստեփան Փարթամեանէն: Քոչարեան, որ Փարթամեանի հիւրն էր, վերջինիս «Բարի Լոյս» յայտագրէն, ըսած է, որ վերջին տարիներուն Իրանէն անցած է Հայաստան եւ հաստատուած է հայրենիքի մէջ, որովհետեւ «Հայաստանի մէջ իմ արուեստի զարգացման միջավայրը շատ աւելի լայն է եւ հակառակ մեր երկրին փոքր ըլլալուն աճելու եւ զարգանալու լայն շրջանակ մը կայ»: Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացումը պիտի կայացուի Լոս Անճելոսի մէջ, չորեքշաբթի երեկոյեան Կլէյնտըլի Armenian Arts նորաբաց ցուցասրահէն ներս: Սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է Ստեփան Փարթամեանը: