Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Արվին Քոչարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացում Լոս Անճելոսի մէջ

Լուսանկարիչ Արվին Քոչարեանի գործերուն ցուցահանդէսը պիտի կայացուի  Լոս Անճելոսի մէջ: Այս մասին տեղեկացանք ամերիկահայ գործիչ՝ Ստեփան Փարթամեանէն:  Քոչարեան, որ Փարթամեանի հիւրն էր, վերջինիս «Բարի Լոյս» յայտագրէն, ըսած է, որ վերջին տարիներուն Իրանէն անցած է Հայաստան եւ  հաստատուած է հայրենիքի մէջ, որովհետեւ «Հայաստանի մէջ իմ արուեստի զարգացման միջավայրը շատ աւելի լայն է եւ հակառակ մեր երկրին փոքր ըլլալուն աճելու եւ զարգանալու լայն շրջանակ մը կայ»: Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացումը պիտի կայացուի Լոս Անճելոսի մէջ, չորեքշաբթի երեկոյեան Կլէյնտըլի Armenian Arts նորաբաց ցուցասրահէն ներս: Սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է  Ստեփան Փարթամեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ