Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերամուտ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի՝ ներկայութեամբ բարերարներ Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեաններու

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 41-րդ ուսումնական տարեշրջանը բացուեցաւ Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2016-ի առաւօտեան: Առաջինէն 12-րդ դասարաններու աշակերտները, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը, տնօրէնութիւնը, ծնողներ, Հոգաբարձութիւն, հիւրեր եւ բարերար Տեմիրճեան ընտանիքի անդամներ ներկայ գտնուեցան բացման պաշտօնական արարողութեան։

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լոս Անճելըս Սան Ֆերնանտօ հովիտի սկաուտներու դրօշակի արարողութենէն եւ քայլերգներէն ետք, բացման խօսքը կատարեց եւ իր պատգամը փոխանցեց ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան: Ապա, Աշակերտական Խորհուրդի ատենապետուհի եւ համա-ատենապետուհի Արիէլլա Սարգիսեան եւ Սարին Ասլանեան փոխանցեցին իրենց խօսքը:
Հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ եւ ատենապետ Պրն. Սինան Սինանեան գնահատելով ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան երկար տարիներու աշխատանքը եւ գործակցութիւնը, յայտնեց, որ կը հեռանայ Հոգաբարձութենէն եւ ատենապետի պաշտօնին նշանակուած է փոխ-ատենապետ Պրն. Տիրան Օհանեան: 
Յանուն Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին, ներկայ էր եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց Առաջնորդական փոխանորդ՝ Հոգշ. Հայր Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրճէքեան: Ան ընթերցեց նաեւ Սրբազան Առաջնորդ Հօր՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսի նամակը:
Աւարտին, Տիկ. Աւանէսեան հրաւիրեց Հոգաբարձական կազմի նորանշանակ ատենապետ Պրն. Տիրան Օհանեանը, որ սրտանց յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ բացուած յայտարարեց 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը:
Բացման արարողութեան ներկայ էր Տեմիրճեան բարերար ընտանիքը, գլխաւորութեամբ Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սեդա Տեմիրճեաններու (Լիբանանէն) եւ հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ Երուանդ Տեմիրճեանի: Հիւրերուն մէջ հաճելի էր ներկայութիւնը ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեանի եւ Կրթական մարմինի ատենապետուհի Դոկտ. Սիլվա Գարայեանի:
Կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մեծ ընտանիքը եւ բարի երթ ու բարի վերամուտ՝ բոլորիս: 

Թղթակցութիւնը վարժարանէն

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ