Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաշտօնական բացում՝ «Քրիսթըն Ս. Սարեան» ծաղկոցի եւ մանկապարտէզի

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18-ի երեկոյեան, Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին մէջ, Ալթատինա, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւն, ժապաւէնի հատում եւ տօնակատարութիւն։ Այդ օր, պաշտօնապէս դպրոցին ծաղկոցն ու մանկապարտէզը մկրտուեցան բարերարին դուստրին անունով՝ «Քրիսթըն Ս. Սարեան», որ նոյնպէս ներկայ էր տօնախմբութեան։ Բարերարը՝ Տիար Մայքըլ Սարեան, արժանիօրէն պատուըուեցաւ իր կատարած նուիրատուութեան համար։ Ան վերջերս Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին նուիրած էր $250,000 ամերիկեան տոլարի իշխանական գումար մը։Ներկայ էին հիւրեր, ծնողներ, դպրոցին լայն շրջանակը, տնօրէններ, հոգեւորականներ, գաղութի տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Բոլոր խօսք առնողներն ալ շեշտեցին բարերարութեան ազնուականութիւնը, որ մարդս միայն կը բարձրացնէ։ Տիար Մայքլ Սարեան օրինակ է հայրենասիրութեան, հայասիրութեան եւ մարդասիրութեան։ Անոր կատարած նուիրատուութեան շնորհիւ բազմաթիւ հայ աշակերտներ ապահով ծածկի տակ ուսում եւ կրթութիւն պիտի ստանան յառաջիկայ տասնամեակներուն։Հիւրընկալութիւնը կը վայելէր վարժարանին հոգաբարձութեան հովանաւորութիւնը, իսկ հանդիսավարն էր Պրն. Կրէկ Մարթայեան։Կը շնորհաւորենք Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը այս ուրախ առիթով եւ բարերար Մայքլ Սարեանին կը մաղթենք անամպ երդիկ, շարունակելու համար իր նպաստը բերել ազգային մեր կառոյցներուն։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ