Շաբաթավերջին ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 55 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 600 կրակոց. այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը։