Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան կրնայ հնչել «Արցախ» անունը

Հայաստանի ազգային շարժապատկերի ակադեմիան մօտ օրերս պիտի ընտրէ եւ «Օսքար»ի 89-րդ մրցանակաբաշխութեան ներկայացնէ հայաստանեան այն ֆիլմը, որ լաւագոյնս կը ներկայացնէ  թէ՛ անկախ Հայաստանի շարժապատկերի, թէ՛ հայ ժողովուրդի վերջին տասնամեակներուն ապրած տագնապները: 1988-էն սկիզբ առնող  այդ տագնապներէն  արցախեան հարցը մինչեւ այսօր ալ կը մնայէ մեր ժողովուրդի հիմնական խնդիրը, որու լուծման կը սպասեն հայաստանցի ու արցախցի ժողովուրդն ու համայն հայութիւնը: Ազգային կինոակադեմիայի ընտրութեան ներկայացուած են երեք ֆիլմ, որոնցմէ մէկը՝ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» Արցախի պատերազմի մասին պատմող ֆիլմն է: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը մէկ անգամ եւս աշխարհի քարտէզի վրայ կարմիր կէտով ցոյց տուաւ Հայաստանի ու Արցախի տեղը, աշխարհին յիշեցնելով, որ երկրագունդի այս մասին վրայ անավարտ հակամարտութիւն կայ, որու` ժամանակ առ ժամանակ թեժացումը մարդկային հարիւրաւոր կեանքեր կը խլէ: Նոյն միտքը կ’արտայայտուի նաեւ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին մէջ, որ արցախեան հակամարտութեան մասին նկարահանուած քիչ թիւ կազմող լիամեթրաժ ֆիլմերէն է: Արցախի մէջ ծնած եւ բազմաթիւ պատերազմական պատմութիւններու ականատես եղած բեմադրիչի «Վերջին բնակիչը» միակը չէ, որ պատերազմի դաժան դէմքը ցոյց կու տայ: Ճիւանը նկարահաներ է նաեւ «Թեւանիկը» լիամեթրաժ ֆիլմը, ինչպէս նաեւ՝ արցախեան կեանքի մասին պատմող վաւերագրութիւններ: Շարժապատկերի միջոցաւ աշխարհին պատգամներ փոխանցող անոր ձեռագիրը ծանօթ է նաեւ սփիւռքի մէջ, եւ ոչ միայն՝ հայ հանդիսատեսին. «Թեւանիկ» ցուցադրուար է բազմաթիւ երկիրներու մէջ,  նուաճեր է միջազգային մրցանակներ` Չինաստանում, Իտալիայում, Ռումինիայում, Լեհաստանում, Ռուսաստանում, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ: Այս տարի ֆիլմը առաջադրուած է Կլենտէյլի Միջազգային եւ «World Cinema Berlin»-ի շարժապատկեր արտադրողներու միջազգային կինոփառատօներուն: «Թեւանիկը» ցուցադրված է նաեւ Քանի միջազգային կինոփառատօնի շարժապատկերի շուկային մէջ, ինչպէս նաեւ արժանացած է «Ոսկէ Ծիրան» կինոփառատօնի գլխաւոր մրցանակին: Ֆիլմի հանդէպ բարձր գնահատականները կը փաստեն, որ արուեստը կրնայ հաւասար քալել քաղաքականութեան հետ եւ այն, ինչ կը պակսի քաղաքական քայլերուն, կարելի  է յաջողութեամբ գտնել ֆիլմին մէջ:  

Շարժապատկերի միջոցաւ աշխարհի ուշադրութիւնը հայութեան հիմնական հարցի վրայ հրաւիրելու Ճիւան Աւետիսեանի որդեգրած քաղաքականութեան հաւատացողները՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կը սպասեն, որ «Վերջին բնակիչը» նոյնպէս սկսի իր միջազգային յաղթարշաւը՝ ներկայացուելով «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեանը, եւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւններու 25-ամեակներու առթիւ աշխարհի ամենաբարձր շարժապատկերի ամպիոնէն հնչէ «Արցախ» անունը: Հինգ երկիրներու համատեղ արտադրութեամբ ստեղծուած «Վերջին բնակիչը»  ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակը, ինչպէս յայտնի է՝ Սերժ Թանգեանն է: Վստահ ենք՝ անոր համաշխարհային ճանաչումը նոյնպէս կ’օգնէ հերթական օսքարեան մուտքը հայերուս համար հնչեղ ու սպասուած դարձնելու:

 

«Արեւելք» 


Յ.Գ. Չթերագնահատելով Ազգային կինոակադեմիայի ընտրութեան ներկայացուած միւս երկու ֆիլմերը, նշենք, որ Հայաստանէն «Օսքար»ի մրացանակաբաշխութեան ներկայացուելու յաւակնորդ են նաեւ Դաւիթ Սաֆարեանի «28:94 տեղական ժամանակով»-ը եւ Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ»-ը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ