Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 30-ին մասնակցած է Ստեփանակերտի նոր մարզադահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է «Սահմանամերձ համայնքներու զարգացման» հիմնադրամին` այս նախագիծը իրականացնելու համար եւ կարեւոր համարած մարզադահլիճներու ցանցին ընդլայնումը մայրաքաղաքի ու հանրապետութեան մէջ ընդհանրապէս` նշելով, որ այդ գործընթացը պիտի ըլլայ շարունակական:
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: