Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Փութին Անթալիա պիտի չայցելէ. Գրէմլին

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայ պիտ չգտնուի Անթալիոյ մէջ կայանալիք Ռուսաստան-Թուրքիա ֆութպոլի հաւաքականներու ընկերական հանդիպման: Այս մասին յայտնած է Վլատիմիր Փութինի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Պեսկով: Անոր համաձայն` նախագահը որոշած է «քաջալերել հեռակայ կարգով»: Աւելի շուտ սակայն, 29 օգոստոսին լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Փութինը խաղը դիտելու համար պիտի մեկնէր Թուրքիա:

Նշենք, որ երկու երկիրներու հաւաքականներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսին` «Անթալիա Արենա» մարզադաշտին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ