ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան տեղեկացմամբ, անցած գիշեր, ղարաբաղեան սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադարաի պայմանի խախտումները շարունակուած են: Ազրպէյճանական կողմը 30 խախտում արձանագրած է, որոնց ընթացքին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ 200 կրակոց արձակուած է, օգտագործելով տարբեր հրաձգային զինատեսակներ: