Հալէպի մէջ սպաննուած է «Տաէշ»ի խօսնակ Ապու Մոհամետ Ատնանին: Այս մասին կը տեղեկացնէ կազմկաերտութեան «Աամաք» կայքը, նշելով, որ Ատնանին Հալէպ կը գտնուէր ստուգելու համար գետնի վրայ ընթացող գործողութիւններու ընթացքը:
Տարբեր լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, սպաննուած Ապու Մոհամետ Ատնանին Իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկն էր: