ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով:
ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Նախագահի ուղերձին մէջ ըսուած է:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
կը շնորհաւորեմ ձեզ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով:
1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ը հայոց նորագոյն պատմութեան փառահեղ էջն է: Քառորդ դար առաջ արցախահայութիւնը կատարեց իր անբեկանելի ընտրութիւնը: Այդ բախտորոշ քայլը գիտակցուած էր եւ իմաստաւորուած: Այդ ընտրութեամբ, այդ կամքով ու վճռականութեամբ ստոյգ մահուան անդունդի եզրէն դէպի կեանք եւ դէպի ազատութիւն վերադարձաւ հայութեան ամենավտանգուած հատուածը` արցախահայութիւնը:
Դուք կռուեցաք եւ յաղթեցիք անհաւասար պատերազմի ժամանակ: Դուք կառուցեցիք պետութիւն մը եւ հասարակութիւն մը, որ ազատ է ինչպէս երբեւէ: Դուք ստեղծեցիք բանակ, որ ամուր է եւ մարտունակ ինչպէս երբեւէ: Դուք աւերակներէն բարձրացուցիք երկրամաս մը, որ երբեւէ այսքան խնամուած ու գեղեցիկ չէ եղած: Դուք ապացուցեցիք դուք ձեզ, ողջ հայութեան եւ աշխարհին, որ ազատ Արցախը ոչ միայն կենսունակ է, այլեւ ունի բազմակողմանի զարգացման մեծ ներուժ:
Իհարկէ, այդ ներուժը դեռ ամբողջութեամբ չէ իրացուած: Ի հարկէ, դեռ շատ ընելիքներ ունինք ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ: Եւ ի հարկէ, պիտի ընենք մեր ընելիքը: Պիտի ընենք համայն հայութեան ջանքերով: Պիտի ընենք ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:
Անցած Ապրիլի ռազմական գործողութիւնները մէկ անգամ եւս, կարելի է ըսել` աւելորդ անգամ մը, ապացուցեցին, որ թշնամին մեծ կորուստներով ետ պիտի շպրտուի, եթէ փորձէ ռազմական ճանապարհով հարց լուծել: Ապացուցեցին, որ Արցախի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծող ուժ աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի: Գոյութիւն չունի, որովհետեւ դուք կաք, որովհետեւ դուք հաւատարիմ էք 25 տարի առաջ կատարած ձեր ընտրութեան: Չկա՛յ ռազմական ճանապարհ: Կայ քաղաքակա՛ն ճանապարհ:
Այսօր` այս նուիրական օրը, կրկին կ՝ըսեմ ձեզ. ինչպէս երէկ, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ վաղը դո՛ւք կ՝որոշէք ձեր ճակատագիրը: Արցախի լուսաւոր ապագային նկատմամբ մենք կասկածներ չունինք:
կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Արցախը:
կեցցէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»: