Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած գրող եւ լեզուաբան, թրքական «Ազատ օրակարգ» թերթի սիւնակագիրներէն Նեճմիյէ Ալփայը յայտարարած է, որ իրեն ձերբակալած են իր քաղաքական հայեացքներու պատճառով: Այս մասին Նեճմիյէն խօսած է թրքական «Ժումհուրիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցին:
«Ձերբակալուած եմ, որովհետեւ խաղաղութիւն կ’ուզէի: Մենք կ’ենթարկուինք մեծ անօրինութեան: Բանտին մէջ հիմա աւելի դժուար է պաշտպանել իրաւունքները, քան առաջ»,- ըսած է գրողը: Ան նաեւ նշած է, որ իրեն մեղադրած են փախուստի համար, թէեւ ինք ինքնակամ ներկայացած է ոստիկանական բաժանմունք՝ ծանուցագիրը ստանալէ անմիջապէս ետք:
Յիշեցնենք, որ օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ դատարանի որոշմամբ կասեցուած է թրքական «Ազատ օրակարգ» թերթի գործունէութիւնը, որ մեղադրուած էր քրտամետ քարոզչութիւն իրականացնելու համար։