Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձերբակաուած եմ, որովհետեւ խաղաղութիւն կ’ուզէի. թուրք գրող Նեճմիյէ Ալփայ

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած գրող եւ լեզուաբան, թրքական «Ազատ օրակարգ» թերթի սիւնակագիրներէն Նեճմիյէ Ալփայը յայտարարած է, որ իրեն ձերբակալած են իր քաղաքական հայեացքներու պատճառով: Այս մասին Նեճմիյէն խօսած է թրքական «Ժումհուրիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցին: 

«Ձերբակալուած եմ, որովհետեւ խաղաղութիւն կ’ուզէի: Մենք կ’ենթարկուինք մեծ անօրինութեան: Բանտին մէջ հիմա աւելի դժուար է պաշտպանել իրաւունքները, քան առաջ»,- ըսած է գրողը: Ան նաեւ նշած է, որ իրեն մեղադրած են փախուստի համար, թէեւ ինք ինքնակամ ներկայացած է ոստիկանական բաժանմունք՝ ծանուցագիրը ստանալէ անմիջապէս ետք:

Յիշեցնենք, որ օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ դատարանի որոշմամբ կասեցուած է թրքական «Ազատ օրակարգ» թերթի գործունէութիւնը, որ մեղադրուած էր քրտամետ քարոզչութիւն իրականացնելու համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ