Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ. Օզտեմիր

Գերմանիոյ «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր «Մետիամաքս»-ին ըսած է, որ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ:

«Գրեթէ միաձայն Պունտեսթակը ճանչցած է հայերու ցեղասպանութիւնը: Ուստի միայն Գերմանիոյ Պունտեսթակը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել, քանի որ Պունտեսթակը` որպէս սահմանադրական մարմին, որոշում կայացուցած է այդ բանաձեւին բովանդակութեան եւ կառուցուածքին վերաբերեալ», – «Մետիամաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանականը:

Ան ընդգծած է, որ «Գերմանիոյ Դաշնային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ»:

Ճեմ Օզտեմիր շեշտած է, որ բանաձեւի ընդունմամբ գերմանացի խորհրդարանականները նախ եւ առաջ ուզած են ընդգծել, որ այսօրուայ Գերմանիան կ’ընդունի 1915 թուականին տեղի ունեցածին մէջ Գերմանական կայսրութեան մեղքը եւ ձախողումը:

«Երբէք նպատակ չենք հետապնդած ինչ-որ կերպ մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ եւ քննարկումներ կը կազմակերպուին այս թեմայով: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ», – ըսած է «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահը:

Նշենք, որ Ճեմ Օզտեմիր «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 եւ 1916 թուականներուն հայերու ու միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ դատապարտման մասին» բանաձեւին հեղինակն է: Բանաձեւը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած էր 2016 թուականի Յունիս 2-ին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ