Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Ենթասպայ Գեղամ Եղիազարեանի մահուան հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի

ՀՀ քննչական կոմիտէի կայազօրային քննչական մարմինը ենթասպայ Գեղամ Եղիազարեանի մահուան հանգամանքները պարզելու վերաբերաեալ քննութիւններ կը կատարէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն:

Սեպտեմբեր 5-ին ժամը 15:30-ի մօտ ՀՀ հարաւարեւմտեան սահմանին, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրք տանող ճանապարհը կրճատող ժայռի տակ` քարափի մէջ, յայտնաբերուած է նոյն զօրամասի ենթասպայ Գեղամ Ալպերթի Եղիազարեանի դին:

Yerkir.am-ի տեղեկութիւններով` ան Ջերմուկ քաղաքի բնակիչ էր, կոչումով` ենթասպայ, պայմանագրային հիմունքներով կը ծառայէր Վայքի զօրամասին մէջ:

Ջերմուկի քաղաքապետ Վարդան Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ զինծառայողը ամուսնացած էր եւ ունի երեխայ: Ան նշած է, որ դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք միայն պարզ կը դառնայ մահուան պատճառը:

Քննութիւն կը կատարուի զինծառայողի մահուան հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ