Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական հաղորդում Սուրիոյ «Ֆարահ FM» ռատիոկայանով

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանի նախաձեռնութեամբ` Սուրիոյ «Ֆարահ FM» ռատիոկայանի տնօրէնութեան հետ համաձայնութիւն  ձեռք բերուած է, որպէսզի շաբաթական մէկ հաղորդում նուիրուի հայկական թեմաներուն, հայկական երգերուն եւ երաժշտութեան:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` «Եան» խորագիրը կրող հաղորդումը ունկնդիրին պիտի ներկայացնէ հայկական մշակոյթը, պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն:

Առաջին հաղորդման հիւրը Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Նորա Արիսեանն էր: Վերջինս հաղորդման ընթացքին խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի, Արցախի անկախութեան, հայ գիրերու գիւտի եւ հայոց լեզուի մասին:

««Ֆարահ FM»-ը մեծ լսարան ունեցող ռատիոկայան է, որ հնարաւորութիւն կու տայ լայն շրջանակներուն ներկայացնել հայկական թեմաները, իրազեկել հայկական մշակոյթին, պատմութեան մասին»,- ըսած է  Նորա Արիսեան:

«Եան» ծրագիրի հաղորդավարն է Րահաֆ ալ Րըզան, բեմադրիչը` Մահար Մոհամետը, ծրագիրներու համակարգողը` Ժորժ Ղարամը:

Ռատիոկայանի հաղորդումները կարելի է լսել նաեւ համացանցով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ