Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Բանաստեղծ Յարութիւն Մաթեանի «Պարգեւն օրերուն» հատորին ներկայացումը

Բանաստեղծ Յարութիւն Մաթեանի «Պարգեւն օրերուն» հատորին ներկայացումը

 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

Կիրակի, Յուլիս 31-ի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը գրասէր ընտրանիի մը ժամադրավայրն էր, ուր հաւաքուեր էր ներկայ գտնուելու տարի մը առաջ մահացած բանաստեղծ Յարութիւն Մաթեանի «Պարգեւն օրերուն» հատորին հրապարակային ներկայացումին։ Նկատելի էր ներկայութիւնը Մաթեանի լիբանանահայ վաղեմի բարեկամներուն, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու սփիւռքահայ գրականութեան ծառայած ազնիւ բանաստեղծին, վերջինին չորրորդ հատորին հրատարակութեան առիթով։

Ձեռնարկին կոկիկ յայտագիրը ընթացք առաւ ԹՄՄ Լոս Անճելըսի վարչութեան ժրաջան անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանի կարճ բացման խօսքով, որով ան ներկայացուց Մաթեան գրողին կենսագրական գիծերը եւ գրողին մնայուն ներկայութեան արժէքը գրական շրջանակէն ներս. ապա հրաւիրեց Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը խօսք առնելու։

Քէշիշեան, որ Պէյրութի իր ուսանողական շրջանին, Մաթեանը ճանչցած էր Պէքմեզեան մականունով, արտայայտուեցաւ բանաստեղծին գրական գործունէութեան մասին, ակնարկելով մասնաւորաբար Մաթեանի հրատարակած երեք հատորներուն յիշարժան բովանդակութեան, հեղինակին զարգացուցած ներլիբանանեան կապերուն եւ ազդեցութեան շուրջ։ Մաթեան հայ մամուլին բարեկամն ու լուրջ աշխատակիցը մնացած էր Լիբանանի մէջ, յիսունական թուականներէն ի վեր։ Ապա, հանդիսավար Քէհէեան ընթերցումներ կատարեց «Պարգեւն օրերուն» հատորէն քանի մը շնորհալի կտորներուն՝ ներկաներուն առիթ տալով ընտելանալու Մաթեանի ճաշակին։

Հանդիսավարը հրաւիրեց «Երկնային տաղեր» զոյգը՝ Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեանները, որպէսզի մայր Քերքոնեանը՝ Սօսին, տաւիղի վրայ հրամցնէ Արա Գէորգեանի «Արցախ» սիրուն կտորը, իսկ Սալբին միացաւ մօրը՝ սրինգով նուագելու համար «Շալախօ»։

Հրաւիրուեցաւ սփիւռքահայ ականաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագն, որ սրտամօտ բարեկամը մնացած է Մաթեանի, ու որպէս սերնդակից ստեղծագործող ան արտայայտուեցաւ իրենց մտերմութեան մասին՝ մանաւանդ Պէյրութի մէջ գործող Գրական Շրջանակի միջավայրէն ներս։ Ապա արձակագիրը իրեն յատուկ հմտութեամբ եւ լրջութեամբ ներկաներուն ծանօթացուց Մաթեանի գրական ստեղծագործութեանց բազմաբովանդակ արուեստն ու քնարական ներաշխարհը։

Խօսք առաւ նաեւ Մաթեանի կրտսեր որդին՝ նկարիչ Վազգէն Մաթեանը, որ ներկայացուց «Պարգեւն օրերուն» հատորին հրատարակութեան պարագաներն ու ապրուած յուզումները՝ Մաթեան ընտանիքէն ներս։ Վազգէն նկարիչի նուրբ ճաշակով ձեւաւորեր ու պատրաստեր էր հօրը վերջին գործը հանդիսացող այս հատորը։

Փակման խօսքի արժէք ունեցաւ պոսթոնաբնակ գրաքննադատ Գրիգոր Քէօսէեանի պատրաստած եւ ուղարկած սրտի բովանդակալից եւ իմաստուն խօսքը, զոր ընթերցեց ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան, շնորհակալութեան կարճ արտայայտութիւն մը յայտնելէ առաջ։ Հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութիւնը։

 

Կլենտէյլ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ