Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխատանքային Օրուան արձակուրդը

Սեպտեմբեր ամսուան առաջին Երկուշաբթին արձակուրդի օր մըն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ճանչցուած որպէս ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՕՐ, երբ արձակուրդ տալով մենք մեզի, յիշատակած կ՛ըլլանք ամերիկեան ճարտարարուեստին եւ աշխատանքային բոլոր օրերուն արժանիքները եւ անոնց կարեւորութիւնը ամերիկեան մեր կեանքին մէջ։ Labor Day-ը արձակուրդի օր է, եւ նոյն ատեն, ամառնային երկու ամիսներուն աւարտը յայտնող վերջին Երկուշաբթին, որ սովորաբար կը ճանչցուի որպէս «խորովածի վերջին Երկուշաբթին…»։

Յիշատակուիլ սկսելէն շուրջ հարիւր տարի ետք, տակաւին հարց կը ծագի թէ որո՞ւ թելադրութեամբ սկսաւ Աշխատանքային Օրը որպէս արձակուրդ նկատուիլ։

Կարգ մը արձանագրութիւններ ցոյց կու տան, որ Փիթըր ՄըքԿուայր՝ Ամերիկեան Աշխատանքի Դաշնութեան հիմնադիրներէն մին, առաջին անձն էր, որ թելադրած է Աշխատանքային Օրուան գաղափարը։ Պահպանելով ամերիկեան երկուութեան սովորութիւնը, շատեր կը հաւատան որ մեքենագէտ Մէթիւ Մէկուայր կոչուած աշխատաւորը զարգացուցած է Օրուան գաղափարը։ Հոս յառաջ կու գայ երրորդ հարց մը. ՄըքԿուա՞յր թէ Մէկուայր… ո՞րն է ճիշդը. արդեօ՞ք նոյն անձի մասին է խօսքը. տակաւին չէ ճշդուած։ Շատ ալ կարեւոր չէ առաջին թելադրողին անունը ճանչնալ։

Անորոշութիւնը շարունակելով, պատմական իրողութիւն է, որ 1882-ին Փէթըրսըն, Նիւ Ճըրզիի Մեքենագէտներու Ընկերակցութեան քարտուղար Մէթիւ Մէկուայրի թելադրութեան վրայ, Աշխատանքի Կեդրոնական Միութիւնը կ՛առաջադրէ Աշխատանքի Օրուան ցուցարարութիւն մը եւ փիքնիք մը կազմակերպել։

Ուրեմն, Աշխատանքի Օրը Նիւ Եորքի մէջ յիշատակելու համար կ՛առաջարկուի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 1882 թուականը։ Աշխատանքային միութիւնները կ՛որոշեն տողանցքներ կազմակերպել, որոնց կը մասնակցին մօտ 20,000 բանուորներ, եւ որոնք կը յօժարին իրենց օրավարձքէն հրաժարիլ՝ ցուցարարութեան համար…։ Տարի մը ետք, նոյն կազմակերպութիւնը Աշխատանքի Օրը կը յիշատակէ 1883 Սեպտեմբեր 5-ին։

Սովորութիւն դառնալ սկսող յիշատակութիւն մը։

Տարի մը ետք, 1884-ի Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթիի յիշատակութեան կը հրաւիրուին նոյնատիպ կազմակերպութիւններ՝ Նիւ Եորքի մէջ։ Գաղափարը արմատ կը նետէ եւ 1885-ին բնական կերպով, օրը կը յիշատակուի ճարտարարուեստի բազմաթիւ կեդրոններուն մէջ։ Նիւ Եորքի մէջ սկսուած Յիշատակութիւնը 1887 թուականին որդեգրուեր էր Օրեկոնի, Մէսեչուսէցի, Նիւ Ճըրզիի եւ Քոլորատոյի նահանգներուն մէջ։

Ինչպէս սովորութիւնն էր ամերիկեան հոգեբանութեան, Սեպտեմբերի տողանցքները իրենց մրցակիցը ունեցեր էին այլ նահանգներու մէջ։ 1886 Մայիս 1-ին, Բանուորներու Օրուան առիթով, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին մէջ կատարուող ցոյցին, ռումբ մը կը պայթի եւ եօթը ոստիկաններ ու չորս մասնակիցներ կը մահանան։ Պէտք է յիշել, որ Մայիս 1-ի ցուցարարութիւնը արդէն սովորական դարձեր էր եւրոպական կեդրոններուն մէջ… խորհրդայիններու կազմակերպած ցոյցերէն տասնամեակներ առաջ։

Յաջորդող տարիներու տողանցքները եւ ցոյցերը աւելի պրկուած կը դառնան։

Սեպտեմբերի հի՞նգ թէ Մայիս մէկ…։

Փուլման շոգեկառքի կեդրոնին գործադուլէն ետք, նախագահ Կրովըր Քլիվլընտ եւ Ուաշինկթընի օրէնսդիրներ, 1894-ին, կ՛որոշեն դաշնակցային արձակուրդի Աշխատանքի Օր նկատել Սեպտեմբեր 5-ին կատարուող յիշատակութիւնը, որպէս Աշխատանքի Օր՝ LABOR DAY։

Ուրեմն իրարու յաջորդող տխուր դէպքերը պատճառ կը դառնան, որ ամերիկեան կառավարութիւնը Բանուորներու Օր մը ընտրէ որպէս Աշխատանքի Յիշատակութեան Օր։ Իսկ 1894 Յունիս 28-ին Ծերակուտական Ճէյմս Հենտըրսընի առաջարկով, Ծերակոյտը կ՛ընտրէ տարուան Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթին՝ որպէս Աշխատանքային Օր, յիշատակութեան օր՝ դաշնակցային արձակուրդներու շարքին։ Սովորութիւն մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

Կ՛արժէ յիշել, որ բնական եւ սովորական դարձած Աշխատանքի Օրը տակաւին իր մրցակիցը ունի, շնորհիւ ձախակողմեան շարժումին, որուն համար Մայիս մէկի Բանուորներու Միջազգային օրը տակաւին անպաշտօն կերպով կը յիշատակուի ամերիկեան քանի մը կեդրոններու մէջ, բայց մասնաւորաբար Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր ձախակողմեան թեքումով կուսակցութիւններ իրենց գոյութիւնը կը պահեն։

Սրամտութեամբ մը յայտնուող սա կարծիքը յատկանշական է. «Մայիսեան Օրը առնչուած է ՆՈՒԱԶ ԳՈՐԾ բայց ԱՒԵԼԻ ՎՃԱՐՈՒՄԻՆ, իսկ Աշխատանքի Օրը կ՛արժեւորէ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՎԵՀՈՒԹԻՒՆԸ…»։

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ