Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Անգարա չի կրնար լռեցնել մեզ. Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշ

Քրտամէտ HDP կուսակցութեան առաջնորդ Սալահ Էլ Տին  Տէմիրթաշ ռուսական «Սբութնիք»ին իր տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ իրենք «Մոսկուայէն  յստակ կեցուածք կուզեն, կապուած քրտական հարցին եւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային հատուածներուն մէջ գտնուող քիւրտերու ինքնորոշման խնդրին»: Տէմիրթաշ նաեւ ըսած է, որ իրենք հետամուտ են աւելիով զարգացնել Ռուսիոյ հետ առկայ կապերը: Քիւրտ առաջնորդը դատապարտած է թրքական ուժերուն Ճարապլուս մուտք գործելը, այն համարելով ապօրինի  արարք եւ նկատել տալով, որ «Անգարա իր այդ քայլով եւ միայն կարճ ժամկէտով մը խախտեց շրջանային ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը, եւ համայն աշխարհը գիտէ, որ Էրտողանի՝ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարի պատրուակը սուտ է»: Տէմիրթաշի կարծիքով, քիւրտերը անպայման պիտի  ունենան ինքնիշխան շրջան մը՝ անշուշտ նկատի առնելէ ետք սուրիացի ժողովուրդին  ընդհանուր կեցուածքը  այդ խնդրին առընթեր: Ան խօսելով  Թուրքիոյ ներքաղաքական իրավիճակին մասին, ըսած է, որ Անգարա  կը փորձէ ամէն գնով լռեցնել իրենց  ձայնը, բայց անկարող է ընել ատիկա: Տէմիրթաշի կարծիքով շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ տարի 2017-ին Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացուին ու այդ պարագային եւս HDP-ն պիտի ունենայ աւելի բարձր դիրք մը, քան՝ ինչ ունի այսօր: Ան նաեւ ըսած է, որ հակառակ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող բախումներուն եւ ստեղծուած բարդ դրութեան, իր կարծիքով PKK-ն պատրաստ է խաղաղութեան, անշուշտ եթէ գործող կառավարութիւնը անկեղծ բանակցութիւններու առջեւ դուռ բանայ: Տէմիրթաշ նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիոյ քիւրտերը ազնիւ եւ անդուլ պայքար կը մղեն ISIS-ի եւ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ