Ամերիկացի քուէարկողը ամէն չորս տարին անգամ մը ինքզինքին հարց կու տայ, թէ երրորդ կողմի կամ կուսակցութեան մը թեկնածու պիտի ունենա՞յ նախագահական ընտրութեան համար։ Մնայուն հարցումն է, որ պատասխան մը ունենալով հանդերձ՝ անիմաստ է։
Այս տարուան նախագահական ընտրութեան պատրաստուող երկու գլխաւոր թեկնածուներուն կարողութիւնները, նպատակները, ուղղութիւնները, անձնաւորութիւնները շեշտուած կերպով կը ստիպեն քուէարկողներուն՝ երրորդ կուսակցութեան մը թեկնածուն նկատի առնել։ Դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթըն եւ հանրապետական Տանըլտ Թրամփ կուսակցական ընտրեալ թեկնածուներ ըլլալով հանդերձ, չեն բաւարարեր ամերիկացի ընտրողին քաղաքական ակնկալութիւնները։
Ուրեմն, երրորդ կուսակցութեան մը թեկնածուն՝ երրորդ կողմի ընտրանքը, 2016-ի ընտրութեան անհրաժեշտութիւն պէտք է դառնայ։ Եւ ուրեմն, Ազատախոհական ու Կանաչ կուսակցութիւնները (Libertarian and Green parties) անհրաժեշտ ու կարեւոր բաց մը գոցելու հարկադրանքին տակ են 2016-ի ընտրութենէն… երկու ամիսներ առաջ։
Նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին։
Հարկ է հաստատել, որ երկու այս կուսակցութիւնները, երրորդ՝ Խաղաղութիւն եւ Ազատութիւն (Peace and Freedom party) կուսակցութեան հետ, մեր երկրին քաղաքական ուղղութիւնները ճշդելու, գործնականացնելու եւ գործադիր գերագոյն ուժին՝ կառավարութեան նեցուկ կանգնող կողմերն են, եւ որոնցմէ վերջին երեքին մասին յաճախ չի գրուիր կամ խօսուիր. բայց՝ արձանագրուած, գործօն կուսակցութիւններ են Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անցնող քսան տարիներուն Ռիֆորմ կամ Ամերիքըն Ինտիփենտընդ Փարթի անուններով կուսակցութիւններ, կարճ ժամանակով ընտրական հրապարակը աղմուկով լեցուցած են։
Ազատախոհական կուսակցութեան ներկայացուցիչը՝ Կէրի Ճոնսըն եւ Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցիչը՝ Ճիլ Շթայն դատապարտուած են ժողովուրդին տեսադաշտէն դուրս մնալու, որովհետեւ նախաընտրական հրապարակային վիճաբանութիւնները կազմակերպող խումբը՝ Commission on Presidential Debates, հանրային վիճաբանութեան կը հրաւիրէ այն թեկնածուները, որոնք հանրային կարծիք հաւաքող ընկերակցութիւններուն մօտ ժողովուրդին 15 տոկոսէն աւելիին դրական նեցուկը կը վայելեն։ Կէրի Ճոնսընի ճանաչումը հազիւ 8 տոկոս կը կազմէ, իսկ Ճիլ Շթայնին ճանաչումը… 4 առ հարիւր։ Այս թուանշանները եթէ Սեպտեմբերին հրապարակուածներն են, հրաշքով մը պիտի չկրկնապատկուին գալիք մէկ-երկու ամիսներուն։ Ուրեմն, հեռուստացուցային նախաընտրական վիճաբանութիւններուն պիտի չլսենք Շթայնի կամ Ճոնսընի կարծիքները կամ քննարկումները։ Աւելին, վէճերը հրաւիրող կողմերուն համար վերջին երկու թեկնածուներուն 2012-ի նախագահական ընտրութիւններուն ստացած քուէներուն քանակը յուսահատական էր պարզապէս. Կէրի Ճոնսըն ստացած էր 1,274 հազար քուէ իսկ Ճիլ Շթայն՝ 469 հազար. քուէարկողներուն մէկ առ հարիւրէն ցած ընտրանք մը։
Գլխաւոր թեկնածուները, իրենց կարգին, ընտրական այս տարուան անհրապոյր եւ անժողովրդական թեկնածուներն են, որոնք իրենց կուսակիցներուն 59-60 առ հարիւրին հակակրանքին կ՛արժանանան այս շաբաթներուն։ «Wall Street Journal» հեղինակաւոր օրաթերթին որակումով, Քլինթընն ու Թրամփը ընտրական այս տարուան ամէնէն անժողովրդական թեկնածուներն են. նման վիճակ չէ ստեղծուած վերջին 30 տարիներուն…։
Մտահոգիչ երեւոյթ մըն է պարզուողը. թերեւս այս երկրին առաջին նախագահը՝ Ճորճ Ուաշինկթըն արդարօրէն մտահոգ էր «երկու կուսակցութիւն» ընտրական դրութեամբ։ Նոյն վիճակը կը պարզուի այսօր, երբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ճակատագիրը երկու կուսակցութիւններու խղճին ձգուած է։ Եթէ զօրաւոր թեկնածու մը պիտի փորձէ յառաջանալ, ստիպուած է երկու կողմերէն մէկուն ուժին յենիլ։ Երրորդ կողմի թեկնածուն դատապարտուած է մոռցուելու, կորսուելու…։ Վերջին անգամ ընտրական տարին հետաքրքրական դարձնող թեկնածուն եղաւ 1968-ի ցեղապաշտ Ճորճ Ուոլըսը, որ միայն հինգ նահանգ շահեցաւ…։
Տարիներու թաւալքին հետ, քաղաքական շրջանակներուն մէջ արմատ ձգել սկսած է սա տարօրինակ համոզումը, ըստ որուն, ամերիկացին կարծէք դադրած է Ամերիկային լաւագոյնս ծառայող թեկնածուին քուէարկելէ, բայց կը քուէարկէ Ամերիկային նուազագոյն վնաս հասցնող թեկնածուին…։
Ուրեմն, կրնա՞նք ըսել, որ վտանգաւոր ուղիի մը մէջ ենք։ Կրնանք միա՛յն յուսալ, որ այս իրավիճակը պատճառ դառնայ նախագահական ընտրութեան վերանորոգումին, վերամշակումին եւ իմաստի նոր փնտռտուքին։
Կլենտէյլ