Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Յաղթական ոգիով «Միրաքի» հաւաքը «Յաղթանակի այգիէն» ներս նուիրուած Էր Արցախի անկախութեան 25-ամեակին

Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը նուիրուած էր Արցախի անկախութեան 25-ամեակին: «Միրաքի» անդամներու հաւաքավայր հանդիսացաւ Երեւանի Յաղթանակի այգին, ուր մեր պատանիներուն «Արցախ» եւ «Հայ զինուոր» խումբերը իրարու միջեւ մրցելով, ընկերային, առոյգ ու կայտառ կիրակնօրեայ մը  անցուցին:

«Միրաքի» ծրագիրին հիւրաբար ներկայ գտնուեցան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը եւ ՌԱԿ վեթերան ընկեր՝ Տիգրան Չալեանը:

Աւագ ընկերները մօտէն հետեւեցան «Միրաքի» գործունէութեան եւ յայտնեցին իրենց գնահատանքն ու քաջալերանքը՝ տարուած աշխատանքներուն նկատմամբ:

Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, որ խոստացած էր յաղթող խումբի անդամներուն այգիի լիճին մէջ նաւարկելու պարգեւ տալ, երկու խումբերը յաղթական յայտարարելով, օրուայ աւարտին բոլոր «Միրաքականները» լաստանաւեր վարելու առիթը ունեցան եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան, եկող Կիրակի նոյն տրամադրութեամբ «Թէքէեան կեդրոնէն» ներս հանդիպելու պայմանաւորուածութեամբ:

Նոյն օրն իսկ «Միրաքի» անդամներէն Սիրան Թորոսեան, իր ոգեւորութիւնը յայտնող շնորհակալական նամակ մը յղած էր «Միրաքի» «Ֆէյսպուքի» էջին, հետեւեալ բովանդակութեամբ.-

«ԱմԷն անգամ «Միրաքի» հետ իմ տպաւորութիւնների մասին կիսուելիս մտածում եմ, որ այն նման չլինի միւսներին, բայց եւ ամէն անգամ համոզւում եմ, որ «Միրաքի» ոչ մի հանդիպում նման չի նախորդներին: Այս անգամ մենք հաւաքուեցինք Յաղթանակի զբօսայգում, կազմակերպեցինք հետաքրքիր եւ զուարճալի խաղեր, իսկ վերջում մեր հանդիպումը եզրափակեցինք նաւակ նստելով, որը նոյնպէս շատ հետաքրքիր անցաւ: Կազմակերպուած խաղերն այնքան հետաքրքիր էին, որ ես տարուած լինելով դրանցով, չէի էլ նկատել, որ վնասուածք եմ ստացել: «Միրաքի» նմանատիպ հանդիպումները մեզ հնարաւորութիւն են տալիս աւելի մտերմանալ միմեանց հետ, դառնալ աւելի կազմակերպուած եւ ուշադիր, որն էլ մեզ նախապատրաստում  է յետագայում աւելի լուրջ նախաձեռնութիւններում ընդգրկուելու համար: Վերջում ուզում եմ կիսուել «Միրաք»-ի մասին իմ ընդհանուր տպաւորութիւններից:  «Միրաք»  գալու հէնց առաջին օրուանից այն ինձ շատ դուր եկաւ: Դուր եկան թէ՛ կազմակերպիչները, թէ՛ ընդգրկուած անդամները: Հէնց սկզբից կարողացայ ընկերանալ բոլոր անդամների հետ եւ ձեռք բերեցի լաւ ընկերներ: «Միրաք»ն ինձ հնարաւորութիւն է տալիս լաւագոյնս արտայայտել իմ սեփական անհատականութիւնը եւ լինել ազատ իմ մտքերում ու կարծիքներում: Շնորհակալ եմ, որ իմ բոլոր առաւելութիւններով ու թերութիւններով կարողացայ ընդունուել «Միրաքի»  կողմից: Ուրախ եմ, որ կազմում եմ «Միրաքի» մի մասը»:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ