Վան քաղաքի պատմական բերդը, ընդգրկուած է ՄԱԿ- Եունեսքոյի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական «Haber.sol.org» կայքը: Այս մասին խօսած է Թուրքիոյ մէջ Եունեսքոի ազգային յանձնաժողովի նախագահ Օճալ Օղուզը, որ ըսած է, թէ որոշումը տրուած է անցնող Ապրիլին, սակայն Եունեսքոն այս մասին միայն հիմա յայտարարած է: Վանի բերդէն բացի` Թուրքիոյ ներկայացուցած յայտին հիման վրայ Եունեսքոյի մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած են եւս 9 պատմամշակութային կառոյցներ ու վայրեր:Նշենք, որ անցնող յուլիսին Եունեսքոյի ցանկին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ հայոց մէկ այլ պատմական մայրաքաղաք` «հազար ու մի եկեղեցիներու» քաղաք Անին:Թուրքիոյ մէջ եղող Վան պատմական քաղաքը եղած է Հայոց կարեւոր մայրաքաղաքներէն մին: