Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ մէջ հանրահաւաք `նուիրուած 6-7Սեպտեմբերի դէպքերուն

Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»էն կը կարդանք, թէ Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Տուր տէ» հարթակը 1955 Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերու 61-րդ տարելիցին առթիւ, Սեպտեմբեր 6-ին, Պոլսոյ Կալաթասարայ թաղամասի հրապարակին վրայ հաւաքոյթ մը կազմակերպած է: Ցուցարարները պարզած են ազդագրեր, ուր թրքերէն եւ յունարէն գրուած էր. «Սեպտեմբեր 6-7-ը ցեղապաշտական գրգռութիւն էր. Պետութիւնը ներողութիւն թող խնդրէ»:Հարթակին անունով մամլոյ յայտարարութիւն մը կարդացուած է: Հոն ըսուած է, թէ Անատոլիան որ ցեղային տարբեր յատկանիշերով ժողովուրդներ կը բովանդակէր իր ծոցին մէջ, ներկայիս վերածուած է միատարր ամբողջութեան մը: 1913 թուականէն սկսեալ ազգ-պետութիւն կառոյցին մէջ հիմնական քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է: Իրերայաջորդ կերպով փոքրամասնութիւնները կեղեքող օրէնքներ գործադրուած են, ինչպէս՝ 20 դասակարգ, Ունեւորութեան տուրք, 1964-ի տեղահանութիւն, իւրացումներ, սպառնալիքներ: Այս գործադրութիւններու որպէս հետեւանք՝ Անատոլիոյ մէջ ոչ-իսլամ ժողովուրդներու, Հայերու, Յոյներու, Հրեաներու եւ Ասորիներու թիւը 10 հազարի իջած է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ