Անցնող օրերուն լիբանանեան մէկէ աւելի լրատուամիջոցներ բաւական մտահոգիչ տեղեկութիւններ տուած են Տահէշի կողմէ ծրագրուած ահաբեկչական յարձակումներու մասին: Ըստ այդ տեղեկութեանց Տահէշ պատրաստած էր գործի դնել այնպիսի գործողութիւն մը, որ պիտի դառնար «լիբանանեան 11 սեպտեմբեր» : Աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, որ կալանքի տակ գտնուող մէկէ աւելի րատիքալիստ բանատարկեալներ այս մասին խոստովանութիւններ ըրած են: Ըստ այդ խոստովանութիւններուն Տահէշ պատրաստ էր խորագոյն քաոսի առաջնորդել Լիբանանը թիրախ դարձնել «Գազինո Տիւ Լիպան»ը, Պէյրութի բազմահոծ Համրա եւ Մար Էլիաս փողոցները ու ամենավերջինը 3 թոն պայթուցիկ նիւթերով հզօր պայթում մը «յաջողցնել» Հըզպալլա կուսակցութեան կեդրոնատեղի համարուող Պէյրութի Տահիյէ շրջանին մէջ: Աղբիւրները կը յայտնեն, որ յետ տքնաջան աշխատանքի Տահէշի տասնեակ զինեալներ ձերբակալուած են, որուն իբրեւ նախնական արդիւնք ահաբեկիչներու կողմէ ծրագրուած ծրագիրները մատնուած են ձախողութեան: Յիշեցնենք, որ Տահէշի կողմէ Լիբանանի մէջ գործադրուած վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցած էր Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ, ուր 6 անձնասպաններ արկեր պայթեցնելով պատճառ դարձած էին 6 անձերու սպաննութեան: