ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ՀՀ կառավարութեան հրաժարականը: ՀՀ Նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ Նախագահի հրամանագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ներկայացուցած հրաժարականը` կ՝որոշեմ.
1. Ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաժարականը:
2. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն` շարունակել պարտականութիւններու կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
3. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ ստորագրման պահէն սկսեալ»:
Յիշեցնենք, որ երէկ կառավարութեան հերթական նիստի աւարտին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` տեղեկացնելով, որ հրաժարական կու տայ: Աւելի ուշ ՀՀԿ խորհուրդի նիստին ժամանակ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ որոշում կայացուցած է վարչապետի պաշտօնին Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը առաջարկելու մասին: