Երկուշաբթի առաւօտ Վան քաղաքը ցնցած պայթումը թիրախ ունէր Էրտողանի գլխաւորած AKP կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնը: Այս մասին տեղեկացնող CNN Turk -ի համաձայն պայթումին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 50-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ապահովական մարմիններ փակած են քաղաքի գլխաւոր թաղամասերը եւ լարուած իրավիճակ կը տիրէ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Վանի տարբեր հատուածներուն մէջ: