Աշխատանքային այցելութեամբ Ուրուկուէյ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Ուրուկուէյ պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Սուքիաս Աւետիսեանն ու Միքայէլ Մանուկեանը, 8 սեպտեմբերին այցելած է Մոնթեվիտէոյի «Արմենիա» հրապարակ եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ ծաղիկներ զետեղած:
Նոյն օրը հայ խորհրդարանականները այցելած են Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ առաջնորդարան, հանդիպում ունեցած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուրուկուէյի թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնըճեանի եւ ուրուկուէյահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուած են հայապահպանութեան ու ազգային միասնութեան առնչուող հարցեր: Այցելութեան աւարտին հայկական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի համալսարանի ղեկավար Ռոպերթօ Մարգարեանի հետ: Կարեւոր նկատուած է կրթական մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը: